Description
Անպարապ մարդը (հատուած)
… Օրմանեան ա՛յնքան առողջակազմ էր, որ կարող եղաւ բժշկական խնամոտ դարմաններով անցընել նոյն իսկ այն դիմային անդամալուծութիւնը, որուն ենթարկուեցաւ 1908-ին, իբրեւ հետեւանք հոգեկան եւ մտաւոր տագնապներու, երբ ոմանք յանդգնեցան մեր ազգին այս Մեծ Գործիչը նախատել՝ անասելի եւ անորակելի միջոցներով եւ կերպերով, Պատրիարքութենէ քաշուելէ անմիջապէս ետքը:
Ճիշդ այդ միջոցին, երբ շատեր, նոյն իսկ իրմէ երախտաւորեալներ ազգասիրական պարտք մը կը համարէին չտեսնել յանիրաւի նախատուած Մեծ Մարդուն երեսը, այցելեցի իրեն, եւ առաջին բանը որ դիտեցի՝ սա՛ էր.- գրասեղանի գլխուն անցած կ’աշխատէր ըստ իր սովորութեան, առանց զգալու թէ «բան մը եղած է» իր դէմքը: Երբ փափկօրէն դիտել տուի իրեն, թէ բժշկի եւ հանգստի պէտք ունի, չուզեց ընդունիլ որ բան մը պատահած ըլլայ, եւ շարունակեց իր աշխատութիւնը իմ մեկնումէս յետոյ:
Եւ հիմա, երբ արագ-արագ կը վերյիշեմ եւ կ’արձանագրեմ իր յարատեւ ու անընդհատ աշխատութիւններուն դրուագը, այդ տարիքի եւ դիրքի մէջ, ինքնին գրչիս ծայրը կու գան մեր Պատմահօր սա՛ խօսքերը.- «Զի եւ ես այր եմ ծերացեալ եւ հիւանդոտ եւ անպարապ ‘ի թարգմանութեանց, եւ զերագելն միայն
Author: Բաբգէն Եպս. Կիւլէսէրեան Editor: Տիգրան Մեծ
16+ Գրական գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: