Վարդօ. Երկու պատանի 1915-ի սեւ օրերուն

10,00  TTC

Թարգմանիչ՝ Թովմաս Թէրզեան, խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան: Ա. Տպագրութիւն:

6 in stock

Description

1915-ին սկսած եւ ցարդ շարունակուող արկածի մը հետքերուն կը հետեւի Վարդօ։ Առաջին աշխարհամարտի աղիտալի սեւ օրերուն, Անատոլուի արեւելքին, գիւղի մը մէջ, քոյր ու եղբայր Մարիամին ու Վարդոյին ճանապարհը կը խաչաձեւուի անծանօթի մը՝ Հասանին հետ։ Քրոջ ու եղբօր ընտանիքը «աքսոր» կոչուած մահուան ճանապարհորդութեան մը ուղարկուած են, եւ Հասանին մահամերձ հայրը իր զաւկէն կը խնդրէ, որ Մարիամն ու Վարդօն հասցնէ ապահով ապաստարան մը։ Այն օրերուն, երբ հայերուն կալուածներն ու իրերը կը կողոպտուէին եւ իրենց կեանքը ղրուշ մը իսկ չէր արժեր, Հասան իմաստ մը չի կրնար վերագրել հօր համարձակ պահանջքին եւ ակամայ կը ձեռնարկէ այդ վտանգներով լեցուն ուղեւորութեան, որու ընթացքին կը տարուբերի բարկութեան ու ողորմութեան զգացումներու միջեւ։ Մարիամ ու Վարդօ, որոնք իրենց հասակէն բարձր զարգացումներու հետեւանքով ցնցուած կեանքերնուն սանձերը հարկադրաբար յանձնած են Հասանին, թէ՛ զիրենք եւ թէ Հասանը հոգեփոխութեան ենթարկող այս անապահով ուղեւորութեան ժամանակ կ՚որոնեն ապրելու եւ իրենց հարազատներուն հասնելու միջոցները։ Ընթերցողը, մինչ կը թերթէ անակնկալ զարգացումներու շնորհիւ միշտ հետաքրքրութեամբ ընթացող էջերը, շնչասպառ կը հետեւի նաեւ ճակատագրակից այս եռեակի պատմութեան, որ կը հասնի մինչեւ մեր օրերը՝ դուրս ելլելով Թուրքիոյ սահմաններէն։ «Վարդօ», որ գնահատանքի արժանացած է գծավէպի յառաջատար երկիրներէն մին նկատուող Ֆրանսայի մէջ, կը համարձակի բանալ Անատոլուի տարածքին հազարաւոր անգամներ կրկնուած ցաւոտ ու արիւնալի գաղտնիքի մը սեւ արկղը։

Author: Կորիւն Ափրիկեան Editor: Արաս

15 գրական Գիրք

Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 128

ISBN: 978-6052-1004-7-9 ISSN:

Additional information

Weight ,2 kg
Dimensions 18,5 × 26,5 cm