Description
Պարոն Սեդրակ
շա΄տ բան կը մոռնար,
սակայն
իր յաճախորդներուն մէջքի չափը
բնա΄ւ երբեք չէր մոռնար,
եւ իր ամենօրեայ հաշիւներուն մէջ,
թուանշանները ըսելու փոխարէն
յաճախորդին անո΄ւնը կու տար…
Հարիւրյիսունչորսը` Պարոն Սմբա΄տ…
Հարիւրտասնչորսը` Պարոն Տրդա΄տ…
Ութսունհինգը` Բարա΄կ Միսաք…
Իննսունհինգը` Թոթով Թովմա՛ս…
Պարոն Սեդրակին համար
ամե΄ն մէկ թուանշան
անո΄ւն մը ունէր…
Author: Անահիտ Սարգիսեան Editor: Բարեւ Արեւ
10-12 մանկապատանեկան գիրք:
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 87
ISBN: