Պատմական Անտիոքի եւ շրջակայից բնիկ հայերն ու միւս հաւաքականութիւնները

20,00  TTC

Երեւան, 2023

1 in stock

Description

Հատորը նուիրուած է պատմական Անտիոքի եւ շրջակայից բնիկ հայոց, որոնց յետնորդն է Պէյլանի, Սուէտիոյ եւ Քեսապի գաւառակներուն, Որոնդէսի հովիտի Եագուպիէ եւ Գնիէ, Լաթաքիոյ հիւսիսարեւելեան լեռներուն վրայ՝ Պոտամայի սարահարթի, Օրտուի շրջանի եւ Տերուս լեռան Արամո եւ Ղնեմիէ գիւղերու հայ բնակչութիւնը՝ կրօնական եւ ազգային այլ հաւաքականութիւններու շրջանակին մէջ: 1939-ին Աղեքսանդրէթի սանճաքի Թուրքիոյ կցումով գրեթէ ամբողջապէս հայաթափ եղան հիւսիսի բնակավայրերը, իսկ հարաւի գիւղերը մտան Սուրիոյ կազմէն ներս:

Մենագրութեան մէջ գրութեան առարկայ կը դառնան այս հայութեան պատմա-ազգագրական, աղբիւրագիտական, բարբառագիտական եւ բանագիտական այլեւայլ երեսները: Գրաւոր աղբիւրներու կողքին օգտագործուած են ազգագրական եւ բանահիւսական բնոյթի առատ գրառումներ:

Author: Յակոբ Չոլաքեան Editor: ՀՀԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտ
16+ Ուսումնասիրական գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 456
ISBN: 9789939886329

Additional information

Weight 0,907 kg
Dimensions 17,5 × 24,5 cm