Description
Արամ Հայկազի 12 Սեպտ. 1972 թուագրեալ նամակը
Սիրելի Պօղոս,
Վերջապէս Օգոստոսի 30-ին ձեռքս հասաւ «Բագին»ի Մայիսի թիւէն (2) օրինակ մը. կարդացի հաճոյքով ու հետաքրքրութեամբ, իմ մասին լաւ բաներ ըսող բազմաթիւ մարդոց հանդէպ տեսակ մը քաղցր զգացումով, երախտագիտութեամբ, գուրգուրանքով:
Էջերով բան էր գրած նաեւ Ա. Նուրեանը. քանի իր գրածին ընթերցումս կը յառաջանար, անքա՛ն ժպիտը կը լայննար դէմքիս վրայ ու ներողամտութեամբ խօսքի կը բռնուէի հետը:
-Անպիտա՛ն,- ըսի անգամ մը գորովով,- Հայտարի աղջիկ Բեսիին տանիքէն քովս ցատքելը մէջ բերելու տեղ, մէջ բերէիր, յիշէիր թուրքի անկողնին մէջ, ծննդաբերութեան պահուն «Յանուն Հօր» ըսելով մեռնող Արեւի պարագան, Թուրքէն ունեցած իր զաւակներէն չկրնալ բաժնուող հայ մօր պարագան, Մալաթիացի Յակոբի իր եզին հանդիպելու յուզիչ պարագան, «Անամօթ» քրդուհիի պարագան, Խորէնին հետ խօսք մէկ ըրած մուհաճիր տղան խեղդելուս պարագան (Ցեղը իր վրէժը կը լուծէ):
Վերջապէս յիշատակութեան արժանի ուրիշ քի՞չ բան կար գրքին մէջ…
Ընթերցումս, մինչեւ վերջին էջը, կարդացի հաճոյքով – խօսքս Նուրեանի գրութեան մասին է (4) – բայց, Աստուած իմ, այդ ի՞նչ յիմար վերջաւորութի՜ւն, Պօղոս, եթէ ան ջահիլ էր, քեզի ի՞նչ էր եղած, ինչպէ՞ս թոյլատրեցիր, որ «Բագին»ի մէջ նման բան տպուի.
«Ծնած օրդ օրհնեալ ըլլայ, տարագրութիւն»…
Խելքս չհասաւ ու պիտի չհասնի ալ:
Երբեմն կը մտածեմ թէ թերեւս ես սխալ կը հասկնամ, եթէ ես սխալ կը հասկնամ, ուրեմն հնարաւոր է, որ ուրիշներ ալ սխալ հասկնան:
***
ինծի համար դժուար է բոլոր յօդուածագիրներուն շնորհակալութիւն յայտնելը, քանի որ անոնց մեծամասնութիւնը ձեր քաղաքին մէջ կ’ապրին ու դուն պատեհութիւն կ’ունենաս զանոնք տեսնելու. խնդրեմ իմ կողմէ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնէ՝ մէջը ըլլալով Նուրեանը:
Ջերմ բարեւներով՝
Արամ Հայկազ
Յ. Գ.- Շնորհակալութիւններէս մէկ-մէկ խոշոր շերտ ալ քեզի եւ Սասունիին: Օր մը, երբ նամակ գրէք ինծի, այս էջը վերադարձուցէք ֆայլիս համար:
Author: Խմբային Editor: «Զաւէն եւ որդիք»
16+ ուսումնասիրական գիրք
Language: Արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն Nb pages:
Ա. հատոր, տպարան «Զաւէն եւ որդիք», Պէյրութ, 2023), արտագրուածը ն է, էջ 128-129: