Description
Նրբօրէն հիւսուած, շարժանկար մը յիշեցնող վէպին մէջ, հօր մը եւ իր զաւկին երկու աշխարհները իրարու կը բախին, Հոլիվուտի մէջ, 1980-ական թուականներուն, երբ երիտասարդ ամերիկացի պոռնիկ մը ապաստան կը գտնէ անոնց տան մէջ: Որդին՝ Հրայրը, որ հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ է ու իրիկուններն ալ՝ սիրող դերասան մը, կը սիրահարուի աղջկան, եւ այս պատճառով կը դառնայ իր շուրջիններուն թիրախը։ Հօր՝ Յարութիւն Մարոնեանի, եւ որդւոյն միջեւ մշակութային եւ բարոյական բախումը երթալէն կը սաստկանայ մինչեւ որ խնդրոյ առարկայ երեք կերպարներուն կեանքերը տակնուվրայ կ’ըլլան:
Պէրպէրեանի այս զգայուն գործը, որ երբեմն դրուագ առ դրուագ կը յղուի նաեւ հօր եւ որդւոյ անցեալին, կը բանայ ընկերային, մշակութային եւ սեռային աշխարհ մը, որ իր անկեղծութեամբ կը ցնցէ ու կը յուզէ ընթերցողը՝ պարգեւելով միաժամանակ հաճելի ընթերցանութիւն մը։
Author: Վահէ Պէրպէրեան Editor: Արաս
15 Գրական Գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 168
ISBN: 978-6055-7537-8-8 ISSN: