Մնացորդք աւշուիցի – Արխիւը եւ վկան – Հոմո Սասեր 3

20,00  TTC

Թարգմանիչ՝ Մարկ Նշանեան:

3 in stock

Description

«Աւշուիցը այն վայրն է, ուր արտակարգ վիճակը ամբողջութեամբ կը զուգադիպի օրէնքին հետ, եւ ուր հետեւաբար ծայրագոյն իրավիճակը կը դառնայ ամէնօրեայ կեանքի յարացոյցը: Բայց ինչ որ հետաքրքրական կը դարձնէ այդ սահմանային իրավիճակը՝ յարակարծական հակումն է որ ունի իր հակոտնեայ վիճակին վերածուելու: Այնքան ատեն որ արտակարգ վիճակը եւ բնականոն իրավիճակը կը մնան զատ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ, ինչպէս կը պատահի սովորաբար, կը մնան անթափանց, հակառակ անոր որ մէկը միւսով կը սնանի գաղտնաբար: Բայց այն վայրկեանին որ բացէ ի բաց ցոյց կու տան իրենց մեղսակցութիւնը, ինչպէս կը պատահի այսօր հետզհետէ աւելի յաճախ, կը լուսաւորեն իրար փոխադարձաբար, կարծես՝ ներսէն եկած լոյսով մը: Հետեւանքը այն է, որ ծայրագոյն իրավիճակը այլեւս չի կրնար գործածուիլ որպէս զատորոշիչ, ինչպէս կը պատահէր տակաւին Բետլհայմի մօտ. անկէ քաղուելիք դասը աւելի կը մօտենայ բացարձակ ներգոյութեան մը, ուր «ամէն ինչ ամէն ինչի մէջ » է: Այդ առումով, փիլիսոփայութիւնը կրնայ սահմանուիլ որպէս աշխարհ մը ուր ծայրագոյն իրավիճակը դարձած է կարգ ու կանոն (որոշ փիլիսոփաներու համաձայն՝ այդ ծայրագոյն իրավիճակին անունն է՝ Աստուած)»,- գրած է Ջորջօ Ագամբենը, թարգմանիչ՝ Մարկ Նշանեան:

Author: Ջորջօ Ագամբեն Editor: Ակտուալ Արվեստ

20 գրական Գիրք

Language: Արեւմտահայերէն Nb pages:

ISBN: 978-9939-8776-2-4 ISSN:

Le philosophe italien Giorgio Agamben travaille ce concept dans son livre Homo Sacer : le pouvoir souverain et la vie nue. Pour Agamben, l’« homo sacer » est un individu considéré d’un point de vue juridique comme un exilé. Il y a, selon lui, un paradoxe : en effet, c’est par le droit que la société fait de l’individu un « homo sacer », or le procédé de l’exclusion lui donne implicitement une reconnaissance, une identité juridique.

Additional information

Weight 0,31 kg