Մարդը գործին մէջէն, աքսորական, գաղտնի օրագիր

20,00  TTC

Խմբագիր՝ Յարութիւն Քիւրքճեան:

1 in stock

Description

Հայալեզու գրականութեան ամենաբեղուն գրիչներէն մէկն է Լեռ Կամսար, որու ստեղծագործութիւններու տպագրութիւնը խրախուսելի չէին կամ ընդհանրապէս արգիլուած էին սովետական վարչակարգի ժամանակաշրջանին։ Գրողի մահէն, սովետական վարչակարգի փլուզումէն ու Հայաստանի անկախութենէն ետք, շնորհիւ Լեռ Կամսարի ժառանգորդներուն, գրագէտին անտիպ գործերը լոյս աշխարհ եկան՝ բացայայտելով մինչ այդ ծածուկ մնացած անսովոր աշխարհ մը։ Կամսարի գրական ժառանգութիւնը կարեւոր է անցեալին առերեսուելու ու զայն վերստին գնահատելու առումով։ Այս հատընտիր հատորը, որ այսօր կը դրուի ընթերցողի սեղանին, բաղկացած է հեղինակին օրագրութենէն, թատերական գործերէն, երգիծական գրութիւններէն, որոնք կ՚ամբողջացնեն Լեռ Կամսարի դիմանկարը՝ դառնալով անզուգական աղբիւր մը աւելի լաւ հասկնալու Սովետական Հայաստանը։

Author: Լեռ Կամսար Editor: Արաս

15 Գրական Գիրք

Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 480

ISBN: 978-6052-1009-5-0 ISSN:

Additional information

Weight ,2 kg