Description
Կշռական հատում (հատուած)
«Յօրինման կերպ մը թող նկատուի մանտրան, արկածախնդրութիւն մը, նոյն ատեն գրութեան մը անունը, հաւասարապէս հեռու՝ արձակէն եւ քերթուածէն:
Խօսքը չի սահմանուիր ու չի ժամանակաւորուիր գրական սեռերով:
Արկածախնդրութիւն մը մտքի, մարմնի՝ դէպի ձայն մը որ կու գայ դէմէն, չի ներշնչեր քեզ այլ կ’արտաշնչէ, քանի որ ձայնորդն ես, անզեղչելի ձայնարկուն: Կշռոյթը հեւքն է համագրող լեզուի ընդերքէն ներգոյակ ձեւ մը լեզուի:
Արեւելում մըն է որ կը դիմէ ծայրագոյն ու տարապայման սկիզբին.
-արձագանգը աշխարհին լեզուով ձայնընդլայնուծ, լեզուի քաոսը խօսքով արտաչափուած ու թուարկուած – այս բոլորը մտածման որպէս ըլլալու տեւական կենսավիճակ. ահաւասիկ մանտրան այնպէս ինչպէս կը տեսնեմ ու կը լսեմ» Գրիգոր Պըլտեան, էջ18:
Author: Գրիգոր Պըլտեան Editor: Սարգիս Խաչենց-ՓրինթԻնֆո
18 Գրական Գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages:
ISBN: 978-9993-0598-5-1 ISSN: