Description
Տակաւին աղաւաղո՞ւմ (հատուած)
«Աւանդական եղանակները կորուստէ փրկելու մտահոգութեամբ ԺԹ. դարու սկիզբը ձեռնարկուած՝ Հայկական արդի ձայնագրութեան կազմութենէն մինչեւ Վաղարշապատի հրատարակութիւնները կ’անցնին վաթսունէ աւելի տարիներ: Այդ ընթացքին, հայոց քաղքենի մտաւորական հատուածներուն ենթարկուած արեւելականութեան հետզհետէ իւրացումին հետ զուգահեռաբար թափ կ’առնէ «Ազգային ոգին» վերագտնելու մարմաջը:
ԺԹ. դարու վերջին տասնամեակներուն Երաժշտական յանձնախումբը եւ Գէորգ Դ. կաթողիկոսի ձեռնարկութիւնը տակաւին չեն խզուած անցեալէն, աւանդուած երաժշտական ժառանգութենէն: Եղիա Տնտեսեանի եւ Նիկողայոս Թաշճեանի սերունդին պատկանող երաժիշտներուն համար, նպատակը բարեկարգումի ընդմէջէն «ազգային երաժշտութիւն» կերտել, կամ աւելի ճիշդ՝ յայտնաբերել է: Անոնք կ’աշխատին առանց հերքելու եկեղեցական երաժշտութեան ձայնային աւանդական կառոյցը, որ իր բնական եւ բնիկ տեղն ունի այդ աշխարհամասի երաժշտութիւններու մեծ ընտանիքին մէջ: Անոնք կ’ուզեն մէջտեղ բերել երգացանկի այնպիսի տարբերակ մը, որ բոլորին համար ընդունելի ըլլայ որպէս տիպ – օրինակ. գիտեն, որ բոլոր այն տարբերակները զորս իրենք Կ. Պոլիս նստած կը քննեն, գոյացած են՝ կա՛մ եկեղեցական երաժշտութեան վայելած ժողովրդականութեան հետեւանքով, եւ կամ կուտակումներն են «գաւառէն» եկած աւանդութիւններուն» Արամ Քերովբեան, էջ 271:
Author: Արամ Քերովբեան Editor: Ակն
16 Երաժշտական Գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 288
ISBN: 978-2955-6353-1-5 ISSN: