Description
Կոստան Զարեան իր երկարատեւ կեանքին ընթացքին՝ 1908 թուականէն սկսեալ, գրած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ էսսէներ, պահած է օրագրեր, որոնք իր գրականութեան կարեւորագոյն մասը կը կազմեն եւ կը ներկայացնեն ու կ’ամբողջացնեն հեղինակին գրական եւ այլ ըմբռնումներուն համակարգը:
«Լեզուն եւ արիւնը» ժողովածուին երկու հատորները կ’ամփոփեն գրողին էսսէիստական հարուստ ժառանգութիւնը: հատորներուն մէջ տեղ կը գտնեն անտիպ յօդուածներ, էսսէներ եւ օրագրութիւններ, ինչպէս նաեւ ժամանակի մամուլի էջերուն մէջ մնացած ընթերցողին անծանօթ նիւթեր: Ֆրանսերէն գրած կարգ մը հատուածները հայ ընթերցողին առաջին անգամ կը ներկայանան:
Զարեանի բազմաժանր գրականութեան մէջ իրենց պատուաւոր տեղը ունին իր գրած յօդուածներն ու էսսէները: Էսսէի սեռը, գրականութեան մէջ, բնորոշուելով իբրեւ քննասիրութիւն կամ փորձագրութիւն, մեր գրականութեան մէջ այնքան ալ մեծ տարածում չէ ունեցած, բայց ահաւասիկ, Կոստան Զարեանը յաճախ դիմած է այս ճիւղին՝ արտայայտելով իր մտածումները, խորհրդածութիւնները եւ յաճախ գրական ու իմաստասիրական շունչ տուած է իր այդ գրութիւններուն:
Author: Կոստան Զարեան
Editor: Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ-Անտարես
16 Գրական Գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 720
ISBN: 978-9939-8724-1-4 ISSN: