Description
Հատորին մէջ մեծ մասամբ իրական կեանքէ առնուած 27 պատմուածքներ ամփոփուած են հինգ գլուխներու ներքեւ՝« Կոտրած հայելիին ընդմէջէն», «Բարեւ հայրիկ», «Բոլորն ալ մարդեր են», «Կեանքի կեռմաններով» եւ «Մանրապատումներ»:
«Թթխմոր»ը պատմուածքներու ընդմէջէն տողանց մըն է նաեւ հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու, ինչպէս՝ Իհմալեան, Փէհլիվանեան, Սարոյեան, Պիպեռեան, Մարթայեան, Ահարոն, Վէրնէօյ… եւ այս հանգամանքով գրաւիչ է նաեւ կրթական մշակներու եւ աշակերտներու համար: Հրատարակչատունը գիրքին առընթեր հետեւեալ տողերով կը մատուցէ նաեւ հեղինակին.
Հիմա ետին թողած իր ութսունամեակը, երկար ու առողջ կեանք կը մաղթենք մեր սիրելի «վարպետ» ին, որու այնքան սրտաբուխ բաժնած «թթխմոր» ը անսպառ եղաւ միշտ, եւ որու շնորհիւ գրական անդաստանը լեցուեցաւ ոչ միայն իր՝ այլեւ զանազաններու թխած «հաց»երու բուրմունքով:
Author: Թորոս Թորանեան Editor: Արաս
15 Գրական Գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 216
ISBN: 978-6055-7530-5-4 ISSN: