Թարգմանական դամբանական

20,00  TTC

Խմբագիր՝ Դաւիթ Մոսինեան

3 in stock

Description

«Ներկայ հատորը նուիրուած է Վահան Իշխանեանի յիշատակին: Վահանը բաժնուեցաւ մեզմէ 2022ի Մարտին: Հոս հաւաքուած գրուածքները մասամբ իրե՛ն կը պարտին իրենց գոյութիւնը, մտածուելէն մինչեւ լոյս աշխարհ գալը: Վիոլետ Գրիգորեանին հետ գործակցաբար՝ Վահանը «Ինքնագիր» գրական ակումբը մտաւոր գրական պատնէշի վրայ պահեց մօտ երկու տասնամեակի տեւողութեամբ: Սահմանին (ի հարկէ՝ լեզուական սահմանին, ինքնիշխանութեան գծած եւ անոր կողմէ պարտադրուած անտեսանելի սահմանին) երկու կողմը ապրելու, մէկուն ուժը միւսին ներարկելու այդ կարողութիւնը որ ունէր Վահան Իշխանեան՝ իրապէս անգնահատելի էր ու անգերազանցելի: Կարելի է ըսել որ մշակութային կեանքի ռահվիրաներէն էր, ներսը եւ վերջին հաշուով՝ նաեւ դուրսը: Եթէ ինքը չըլլար, ամէն պարագայի՝ այս ձեւով երբեք գործի պիտի չլծուէի ես: Յիշեցնել պէտք է որ ի՛ր ձեռքէն անցան ու հրապարակ ելան ո՛չ միայն հոս հաւաքուած բնագիրները, այլեւ Մորիս Բլանշոյի, Նիցչէի, Ֆուկոյի, Ջորջօ Ագամբէնի թարգմանութիւններս եւ անոնց երբեմն գիրքի ծաւալի հասնող վերջաբանները: Վահանը անոնց հրատարակիչը չէր միայն: Առաջին ընթերցողն էր: Ներշնչման աղբիւրն էր: Հնարաւոր դարձնողն էր: Կանչողն էր: Եւ այդ կանչը արդիականութեան, ուրիշ արդիականութեան մը, ազատատենչ կանչն էր» Մարկ Նշանեան «Քայքայում եւ կորուստ» հատուած, էջ՝ 9-10):

Author: Մարկ Նշանեան Editor: Հայ գիրքի կենտրոն
16+ Հետազօտական գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 380
ISBN: 9789939966069
Date: 2024
Place: Երեւան

Additional information

Weight 507 kg
Dimensions 15,5 × 23,5 cm