Description
«Չեմ կրնար հաստատել որ տետրակի մը ծաւալը կը խրտչեցնէ, թէեւ կը պատահի որ երբեմն սկսիմ տետրակը սկիզբէն կամ վերջէն, նոյնիսկ մէջտեղերէն, կանգ չառնելու համար խոչընդոտի առջեւ: Միայն թէ պարապ տետրակները, երբ գրելիք չունիմ, կը թուին բովանդակել իրենց մէջ ճերմակ կոչ մը, գրեթէ լսելի կանչ մը, որոնց չեմ ուզեր ընդառաջել, լեցնել տարածութիւնը որեւէ բանով, խոնարհիլ, ենթարկուիլ այդ հրաւէր-հրամանին, նոյնիսկ երբեմն սպառնալիքին. եթէ չգրես՝ պիտի ոչնչանաս: Քանի կ’անդրադառնամ, գոնէ սկիզբը, որ պարապ էջի վախն է որ կը հեռացնեմ ես ինձմէ եւ հարկադրանքը դիմակալելու զայն օրերով, ամիսներով, մինչեւ հասնիմ ծայրը»: Գ. Պըլտեան, հատուած «Ինչ որ կը կանխէ» կտորէն:
Author: Գրիգոր Պըլտեան Editor: Դարակ
18 գրական Գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 307
ISBN: 978-9939-9132-7-8 ISSN: