Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր

15,00  TTC

2 in stock

Description

Յաւելուած (հատուած)

«Էջմիածնի կաթողիկոսարանէն ներս մտնող այցելուն՝ երբ մէկ քանի սանդուխ կը բարձրանայ, շարունակելու համար իր վերելքը դէպի վեհարան, վայրկեան մը կանգ կ’առնէ ու հոգեպարար յափշտակութեամբ կը դիտէ իր ակնարկին ուղղութեամբ եւ աջին ու ձախին տարածուող ընդարձակ պարտէզը:

Բազմատեսակ պտղատու ծառեր ու ծառակներ, բուրաստաններ ու բանջարանոցներ՝ կարգ-կարգ եւ առանձին բաժանումներով կ’առինքնեն ու կարծես ասոնք սրբազան մթնոլորտի մը մէջ աճած ու պտղաբերած ըլլալու խոհուն գիտութիւնը ունին:

Պարտէզին ճիշդ մէջտեղէն առու մը կ’անցնի: Որթատունկերով ծածկուած ամպհովանի նստակառքը՝ այդ օր (23 Յունիս) եռուզեռի մէջ է: Մուտքի դռնէն հազիւ տասը քայլ հեռու, հոն դրուած սեղանի մը շուրջ բոլորաձեւ շարուած աթոռներու վրայ նստած ու մասամբ ոտքի են արտասահմանի պատգամաւորներ, հիւրեր, եւն.:

Վեհարանէն դարձին է, որ ես ալ կ’ուղղուիմ այդ կողմը, կը խառնուիմ եռուզեռին, եւ ի՞նչ տեսնեմ: Հոն նստած է «Աբու Լալա Մահարի»ին հեղինակը, տաղանդաւոր քերթող Աւետիք Իսահակեանը: Իր հետ կը տեսակցին հեռաւոր գաղութներու ներկայացուցիչները: Գեղամ Ֆէնէրճեան, նօթի թուղթերը ձեռքին կը բաժնուի անկէ: Կը մօտենամ ու ձեռքը կը համբուրեմ մեծանուն վարպետին» Թ. Ազատեան:

Author: Թորոս Ազատեան Editor: Ժամանակ

16 Գրական Գիրք

Language: Արեւմտահայերէն Nb pages:

ISBN: ISSN:

Additional information

Weight ,2 kg