Description
Իբրեւ նախաբան (հատուած)
«Այս Գ. հատորով պիտի դեգերինք ԺԹ. դարու կէսերէն մինչեւ մեր օրերը:
Նախ պիտի ժամադրուինք Վոսփորի գեղածիծաղ ափերուն ու շնչենք այն եզակի մթնոլորտը, զոր մեզմէ մէկուկէս դար առաջ շնչած էին Մկրտիչ Պէշիկթաշլեաններն ու Սրբուհի Տիւսաբները: Յետոյ անցում մը պիտի կատարենք դէպի մեր կորուսեալ գաւառը՝ հետիոտն շրջելու համար Սրուանձտեանց Գարեգին վարդապետին հետ թեւանցուկ, վերջաւորութեան հասնելու համար Սեբաստիա, ուր մեզ պիտի ողջունէ Բրգնիկի մեծանուն զաւակը՝ Դանիէլ Վարուժան:
Սեբաստիոյ մէջ, պահ մը, պիտի հիւրընկալուինք բանասէր ու կրթական մշակ Կարապետ Գաբրիկեանի յարկին տակ: Ան հպարտութեամբ ցոյց պիտի տայ մեզի իր թանկարժէք ուսումնասիրութիւնները:
Պիտի չմոռնանք անշուշտ Խարբերդն ու անոր ոսկեղէն դաշտը՝ իր Թլկատինցիով ու մա՛նաւանդ Բենիամին Նուրիկեանով, որ պիտի պատմէ մեզի Ամերիկայի կեանքէն ու ցոյց տայ իր հրատարակած «Նոր գիրք»-ի հաւաքածոները:
Շահան Ռ. Պէրպէրեանն ալ պիտի ողջունէ մեզ սրտագին: Խոհուն իմաստասէրի իր զրոյցներով պիտի հմայէ մեզ: Պիտի պատմէ Պոլսոյ, Գահիրէի, Երուսաղէմի ու Անթիլիասի իր ուսուցչագործական տարիներէն:
Այնուհետեւ երկիւղածութեամբ պիտի թակենք դուռը Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց դարաւոր վանքին: Պիտի դեգերինք վանքին շուրջբոլորը՝ մեր հանապազօրեայ հացը կիսելով Դուրեան եւ Գուշակեան զմայլելի պատրիարքներուն հետ, մեր կողքին ունենալով Աղաւնունի ու Պողարեան սրբազանները, Եղիվարդը, բանաստեղծ Անելն ու արձակագիր Վահրամ Մավեանը:
Դեռ զրոյցի պիտի նստինք ժամանակակից դէմքերու հետ եւս՝ Մխիթարեան հայրեր, տոքթ. Ճեպեճեան, գրագէտ Ռ. Հատտէճեան ու մա՛նաւանդ Կ. Պոլսոյ Մեսրոպ պատրիարքը, որուն թարմ շիրիմին դիմաց, իր բարոյական ներկայութեան առջեւ, պիտի խոկանք երկարօրէն…»: Լ. Շառոյեան:
Author: Լեւոն Շառոյեան Editor: Ոսկետառ
16 Գրական, ուսումնասիրական Գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 320
ISBN: ISSN: