Արմատներ

8,00  TTC

Սրբագրիչ՝ Մարի Եարալեան-Մերթիխանեան
Կողք՝ Զառա Մկրտչյան
Էջադրում՝ Հերմինե Վարդանյան

3 in stock

Description

88 էջանի այս հատորը վիպակ մըն է, որ կը ներկայացնէ Պ. Աւետեանի հօրենական «Աւետեան» եւ մօրենական «Գաբուճեան-Հոփալեան» ընտանիքներու պատմութիւնը, որոնց զաւակները, գաղթական հայու ճակատագրով, կը հանդիպին Հալէպի մէջ եւ ընտանիք կը կազմեն:
Ժամանակաշրջանն է 1915-էն մինչեւ մեր օրերը:
9 Սեպտեմբեր 1922-ին Քեմալի զօրքերը կը ներխուժեն Իզմիր, կը ջարդեն, կը թալանեն յոյներուն ու հայերուն տուները եւ կը հրդեհեն թաղամասերը:
Գիրքին մէջ պատմողը մերթ հեղինակն է (Մկրտիչ Աւետեանի թոռնուհին), մերթ իր հայրը՝ Ստեփանը:
Մկրտիչ Աւետեան նախօրոք իր հրեայ գործընկերներէն նախազգուշանալով վտանգի մասին, կը հաւաքէ ընտանիքը եւ իրեն ընկերանալ փափաքող բարեկամները:
28 իզմիրցի հայեր, ծովու ճամբով, կը փախչին Իզմիրէն, կը հաստատուին Աթէնք, ապա Մկրտիչ իր ընտանիքով կը ներգաղթէ Հայաստան, ուրկէ, որպէս Պարսկահայ, կ’անցնի Թաւրիզ-Իրաք-Սուրիա, կայք հաստատելով Հալէպ քաղաքին մէջ:
Գաբուճեան-Հոփալեան ընտանիքները եղեռնէն ազատելով հաստատուած էին Աղէքսանդրէթի Քըրըք Խան գիւղը (սուրիական հող):
1939-ին Ֆրանսան Աղէքսանդրէթը կը յանձնէ Թուրքիոյ… այդ տարածքին մէջ ապրող բոլոր հայ ընտանիքներու ունեցուածքը կը գրաւուի. կը բռնագաղթուին Հալէպ:

Author: Պերճուհի Աւետեան Editor: Հեղինակային
16+ Գրական գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 88
ISBN: 9789939608808
Date: 2024
Place: Երեւան

Additional information

Weight 139 kg
Dimensions 15 × 20 cm