Description
«Անցորդը եւ իր ճամբան» վէպը գրուած է 1926-27 թուականներուն: Նոր ժամանակներու մեր առաջին վէպն է` անխարդախ, անպաճոյճ պատմութիւն: Մարդը, հերոսը, անցորդը Պոլիսէն դուրս կ’ելլէ 1922-ին եւ Հայաստան կ’երթայ, ուր մէկ ու կէս տարի կ’ապրի, կ’ենթարկուի բազմաթիւ փորձութիւններու, կը տեսնէ երեւանեան կեանքը եւ հանգամանքներու պարտադրանքով, ֆիզիքական վտանգի հարկադրանքով կը հեռանայ Հայաստանէն: Այս պարզ նիւթը վէպին մէջ վերածուած է բացառիկ երեւոյթի: Կարեւորը հեղինակի մտքին շարժումն է. քսանական թուականներն են, եւ մեր ժողովուրդը չի գիտեր ինչ կը սպասէ իրեն: Սփիւռքը նոր կը կազմաւորուի, Արեւելեան Հայաստանը յայտնուած է թակարդի մէջ: Հեղինակը ընթերցողին կը ստիպէ մտածել այդ բոլորին մասին:
Author: Կոստան Զարեան Editor: Անտարես, Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆո
15 Գրական Գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 628
ISBN: 978-9939-872-48-3 ISSN: