Description
Ցատկալաստ
Տառը կը ձգտի բառին կցուելու
Ձեռբազատուելու
Իր նախնադարեան միավանկ տեսքէն
Բառը կը պայքարի
Դառնալու բանաստեղծութեան մը
Բաղադրամասը
Որ քերթուածի ռիթմահոսքին մէջ
Զգայ իր շունչը եւ բաբախումը
Բանաստեղծութիւնը
Ժամանակը հեգնանքով հերձելու
Սրածայր լաւագոյն զէնքն է
Եւ սլաքներու կալանուած ծիրէն
Դէպի անհունութիւն ցատկող
Ճկուն աղեղ մը
Բանաստեղծն ալ ցատկալաստն է…
Հալէպ, 29-12-2001
Author: Յակոբ Նալպանտ Տլտլեան Editor: An;ilias
16+ Գրական գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 153
ISBN: 9789953014593 ISSN: