Անհուն Երկինք՝ Աչքերու մէջ

7,00  TTC

Խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան: Ա. Տպագրութիւն:

Out of stock

Description

Զաւէն Պիպեռեան, որ հայալեզու գրականութեան անդաստանին վրայ տիրական անուն մըն է իր վէպերով ու պատմուածքներով, առաջին անգամ ընթերցողին կը ներկայանայ չափածոյ գործերով։ Առանձին հատորով մը իրենց առաջին հրատարակութեան արժանացող այս քերթուածները ո՛չ միայն երիտասարդ հեղինակի մը գրական որոնումներուն մասին կը վկայեն, այլ նաեւ առիթ կու տան ծանօթանալու այն տողերուն, որոնց ան ապաստանած է ամէն անգամ որ անարդարութեան ենթարկուի ազգային ինքնութեան բերմամբ։ Պիպեռեան ինքնակենսագրութեան մէջ կը խոստովանի, որ պատանեկան շրջանին գտնուած է Լամարթինի վիպապաշտութեան ազդեցութեան ներքոյ, որու արգասիքը հանդիսացող քերթուածներուն մէջ կարելի է նշմարել իր վէպերուն յատուկ մութ կողմեր։ Իսկ իր սիրոյ քերթուածները, զորս Պիպեռեան սկսած է գրել ապագայ կնոջ հետ ծանօթացած շրջանին, ընթերցողներուն առիթ կու տան յայտնաբերելու հեղինակի անձնական կեանքի ծալքերը։

Գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ Պիպեռեանի ֆրանսերէն քերթուածներուն ու անոնց թարգմանութիւններուն։

Author: Զաւէն Պիպեռեան Editor: Արաս

16 Գրական Գիրք

Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 96

ISBN: 978-6052-1009-8-1 ISSN:

Additional information

Weight ,2 kg
Dimensions 13 × 19,5 cm