Այն օրը երբ…

11,00  TTC

7 in stock

Description

Ծովինարը որոշած է «Ճամբորդող-պատմող» ըլլալ, թէեւ տակաւին մարդ չի գիտեր ի՛նչ է այս գործը։ Յստակ է որ սափրիչ պիտի չըլլայ ան, որովհետեւ իր ընկերուհիին՝ Լորիին մազերը կտրեց, եւ արդիւնքը սպասուածը չէր… Կրնայ հեծիկի ուսուցչուհի ըլլալ. Փաթիլին՝ իր պզտիկ քոյրիկին ի՛նքը հեծիկ քշել սորվեցուց։ Իսկ Փաթիլը միշտ «գիւտեր» կ՚ընէ, կ՚ուզէ իր արջուկին ծովուն մէջ լողալ սորվեցնել, Արշոյին՝ իր պուպրիկին հետ ցատկել բերնէ-բերան ջուր լեցուած լոգարանին մէջ… Ինչ լաւ է որ Ծովինարը միշտ հոն է պզտիկ քոյրիկը «փրկելու» համար…Անշուշտ Ծովինարը երբեմն կը մտածէ որ իր կեանքը շատ աւելի պարզ պիտի ըլլար, եթէ Փաթիլը չըլլար… բայց վստահաբար նուա՛զ հետաքրքրական։

Author: Յասմիկ Շահինեան Editor: Քոթոթ

5 Մանկական Գիրք

Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 71

ISBN: 978-2954-2615-1-5 ISSN:

Additional information

Weight 0,2 kg
Dimensions 12,5 × 19 cm