Պզտիկ դպրոցական պայուսակ. Մեծ արկած

8,00  TTC

Ա. Տպագրութիւն

29 in stock

Description

Գիրքին էջերուն ընդմէջէն ականատես կը դառնանք մանուկի մը դպրոցական օրուան, որ կը սկսի երբ արեւի ճառագայթները առտուն կը մտնեն մանուկին սենեակը եւ կ՚աւարտի բարի-գիշերուան համբոյրով։ Հսկայ դպրոցին առջեւ պզտիկ գծագրումով մը կ՚երեւի մանուկը, որ օրուան ընթացքին կը նկարէ, կը խաղայ, կը ճաշէ, կը քնանայ, պարտէզին մէջ կը շրջի ու կը հասնի իր մօր։ Ապա մեզ կը դիմաւորէ տնական առօրեան։

Հասարակ այդ օրը, որուն մասին այդքան ալ չենք մտածեր, արդեօք իրապէս հասարա՞կ է մանուկի մը համար, թէ խրախճանքի կամ մտահոգութեան տարբեր առիթ մը։ «Պզտիկ դպրոցական պայուսակ մեծ արկած»-ի ամէն մէկ էջին կարճլիկ պահերէն կը ստեղծուին հսկայ զգացումներ, որոնք պարզ, բանաստեղծական եւ նոյնքան տպաւորիչ նկարներով կ՚արտացոլան ընթերցողին վրայ։

Թարգմանիչ՝ Սեւան Տէյիրմենճեան: Խմբագիրներ՝ Էզկի Պերք, Լորա Սարը:

Author: Ժերալտին Քոլէթ Editor: Արաս

«3-6» Մանկական Գիրք

Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 48

ISBN: 978-6058-0363-3-8 ISSN:

Additional information

Weight ,2 kg
Dimensions 20,5 × 25 cm