Շիրակ երգարան – Սայաթ Նովա

10,00  TTC

1 in stock

Description

Յառաջաբանի մէջ Կարապետ Հաննէսեան կ՛ըսէ, որ Սայաթ Նովա վեց տասնեակէն աւելի հայերէն խաղեր ունի, որոնցմէ առնուազն յիսուն հինգի մէջ սիրոյ զգացման պէսպիսութեան  իմաստով ամբողջ աշխարհ մըն է շողշողուն, կարօտի, տառապանքի ու անանց գինովութեան ոսկեթելով ասեղնագործուած ոգեղէն բանուածք մը, իր բառերով, «զար ու զարբաբ» մը բովանդակ: Եւ կեանքի մը, իր արքայազուն եարի հանդէպ իմաստութեան, հպարտութեան եւ իր անմահութեան գիտակցութեան ինչպիսի՜ կեցուածք կը բրգանայ գրեթէ իւրաքանչիւր խաղի մէջ, ուր անսպառ, աննախընթաց պատկերներու եւ փոխաբերութիւններու ալեբախութիւնը ծովու չափ հարուստ հոգիի մը մարգարիտներուն գաղտակուր-ոստրէները կը սփռէ յաճախ ճշմարիտ բանաստեղծութեան տաք աւազին վրայ:

Author: Սայաթ Նովա Editor: Շիրակ

16 Մշակութային Գիրք

Language: Հայերէն Nb pages: 57 երգ

ISBN: ISSN:

Additional information

Weight ,2 kg