Մշուշէն անդին

10,00  TTC

Խմբագիրներ՝ Ե.Փ. Թովմասեան – Սեւան Տէյիրմենճեան, Իսթանպուլ, 2023

2 in stock

Description

Զահրատ (1924-2007), որ հայալեզու քնարերգութեան Ի դարու երթին իր դրոշմը ձգած արդիաշունչ ու իւրայատուկ անուններէն մէկն է, իր մահէն ետք եւս կը շարունակէ ապրիլ ու քաղցր անակնկալներ մատուցել զինք սիրողներուն։ Կնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի կողմէ գրողի թողօնէն հանուած ձեռագիր մասունքներուն վրայ բծախնդիր աշխատանքի մը հետեւանքով ի մի բերուած Զահրատի առաջին շրջանի բանաստեղծութիւնները թերեւս այն առաջին աստիճաններն էին, որոնք քերթողը կ՚առաջնորդէին ապագայի մեծ բանաստեղծին։ «Մշուշէն անդին», որ մամուլի մէջ ցրուած մէկ քանի քերթուած ալ կը պարունակէ, անկասկած պիտի խանդավառէ Զահրատի սիրահար ընթերցողները։

Author: Զահրատ Editor: Արաս
16+ Գրական գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 80
ISBN: 9786257460149

Additional information

Dimensions 15 × 21 cm