Հայկական ուրուականը

12,00  TTC

Թարգմանիչ՝ Լուիզ Պաքար, խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան: Ա. Տպագրութիւն:

1 in stock

Description

Կան խորհուրդներ, զորս բոլորը գիտեն, սակայն ոչ ոք կը խօսի անոնց մասին։ Հասարակութիւնը մէջ մէջի կ՚ապրի այս խորհուրդներով ու նա՛եւ անոնց ստեղծած ուրուականներով։ Անատոլուի մէջ ուրուական մը կը շրջի, աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր. Ուրուական հարիւր հազարաւորներու, որոնք սպանուած են արիւնալի կոտորածներով, արմատախիլ եղած են իրենց հայրենիքէն։ Մինչդեռ երբեմն կենդանի մարդիկ ալ կրնան ուրուականի վերածուիլ, մանաւանդ երբ կը ստիպուին ուրանալ իրենց ինքնութիւնը, ծածկել իրենք զիրենք։ Պրիժիթ Պալեան եւ Վարուժան Արթին, «Հայկական ուրուականը»ի մէջ, Ֆրանսայէն Թուրքիա կու գան գտնելու համար այդ ուրուականներուն հետքը։ Անհանգստութիւնը, զոր անոնք կ՚ապրին առաջին անգամ ոտք դնելով իրենց պապերու լքելու ստիպուած հողերուն վրայ, հետզհետէ կը վերածուի խոր հետաքրքրութեան ու ճանչնալու փափաքի, երբ ուրուականներու հետքերուն  կը հանդիպին ամենուրեք։ Այսպէսով, Ստանպուլէն Տիարպաքըր, Տերսիմէն Սվաս, հոնկէ դարձեալ Ստանպուլ երկարող ուղեւորութեամբ մը անոնք անձամբ կը տեսնեն Անատոլուի իսլամացուած հայութեան, ոչնչացուած կարծուած հայկական ուրուականներուն այժմու պատկերն ու պայմանները։ Անոնք բոլոր հպարգելքներու ու դժուարութիւններու դէմ պայքարող, հակառակ ամէն ինչի ընդդիմանալ ու ապրիլ յաջողած այս անձերուն դիմաց կը վկայեն, թէ ցարդ սխալ էին իրենց ճիշդերը, եւ կը լուսաւորուին՝ անակնկալօրէն յայտնուող յոյսի նշոյլներով։ Լոր Մարշան, Կիյոմ Փերիէ եւ Թոմաս Ազուէլոս «Հայկական ուրուականը»ի մէջ գրչի ու վրձինի համարձակ հպումներով կը գծագրեն Թուրքիոյ մեծագոյն հպարգելքներէն մէկը։

Author: Լոր Մարշան – Կիյոմ Փերիէ – Թոմաս Ազուէլոս Editor: Արաս

15 Գրական Գիրք

Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 136

ISBN: 978-6052-1008-4-4 ISSN:

Additional information

Weight ,2 kg
Dimensions 18,5 × 26,5 cm