Կապոյտ երազ

12,00  TTC

Խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան:

1 in stock

Description

«Կապոյտ երազ»ը կողքի մը տակ կը խմբէ ստանպուլահայ գրողներու ծովու, կղզիի, նաւու ու նաւամատոյցի վերաբերող պատմուածքները, գրականութեան բաւիղներուն մէջ կը հետապնդէ Պոլսոյ ու պոլսեցիներու այս մեծ սիրոյն հետքերը։ Հայ գրականութեան ծալքերէն ներս բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կատարած մանրակրկիտ աշխատութեամբ ի յայտ եկած այս հատընտիրը կը ներկայացնէ Զաւէն Պիպեռեանէ Յակոբ Մնձուրի, Երուանդ Կոպէլեանէ Վարդան Կոմիկեան, Սոնա Տէր Մարգարեանէ Սեդա Թեւեան մէկը միւսէն արժէքաւոր տասնինը հեղինակէ պատմուածքներ՝ ի մասին քաղաքի, ծովու, ծովեզերքի, Ստանպուլի կեանքի ու հարկաւ այս գեղեցիկ քաղաքի բնակիչներուն։
Հնագոյն Կոստանդնուպոլսոյ, ինչպէս հայերը կ՚անուանեն Պոլսոյ ու վերջապէս Ստանպուլի բազկերակը գրողի զգայնութեամբ գրի առած այս անունները կ՚արձանագրեն տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, կորուստներն ու նորութիւնները՝ միաժամանակ ճոխացնելով իսթանպուլի զգացումներու աշխարհագրութիւնը։ «Կապոյտ երազ»ը կը խոստանայ ընթերցանութեան անյագուրդ ախորժակ մը, միւս կողմէ մատուցելով արժանին Պոլսոյ ծովերուն, որ անկասկած միլիոնաւորներու հասարակաց կապոյտ երազն է։

Author: բազմաթիւ Editor: Արաս
16+ Գրանակ գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 384
ISBN: 9786257460040
Published: Իսթանպուլ, 2023

Additional information

Weight 388 kg
Dimensions 15 × 21 cm