Ծիրանի լոյս

20,00  TTC

Խմբագիր՝ Գէորգ Եազըճեան

1 in stock

Description

«Ծիրանի լոյս»ը բաղկացած է երեք բաժիններէ՝ յուշագրութիւն, հրապարակագրութիւն եւ բանաստեղծութիւն: Առաջինին մէջ ընթերցողը հասակ կ’առնէ Երան Գույումճեանին հետ, կը պտըտի իր ծննդավայրի փողոցները, կը ծանօթանայ իր հօր, մօր, գերդաստանի կարգ մը անդամներուն, յաճախած դպրոցներուն եւ ընդհանրապէս կեանքի ուղիին բոլոր մանրամասնութիւններուն: Երկրորդ բաժնին մէջ գրողը հանդէս կու գայ իր հրապարակագրական երեսակներով, ուղղախօսութեամբ եւ հարցերը դիտելու եւ դատելու առողջ բանականութեամբ: Երրորդ բաժնին մէջ նուրբ հոգիով բանաստեղծուհին է, որ կ’երգէ մերթ մայրենին, մերթ հայրենիքը, մեծ գրողներն ու բանաստեղծները կը փառաբանէ, կ’ողբայ հայրենիքի ողբով, կը յուսադրէ հերոսացած զաւակներու մայրերը:

Author: Երան Կերթմենեան-Գույումճեան Editor: Հեղինակային
16+ գրական գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 564
ISBN: 9789939047614
Published: Երեւան 2024

Additional information

Weight 974 kg
Dimensions 18 × 25 cm