Ծաղկաւոր տետրակը

15,00  TTC

Հրատարակութիւն՝ հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, թարգմանիչ՝ Լուիզ Պաքար, խմբագիր՝ Փայլինէ Թովմասեան, Իսթանպուլ, 2023:

4 in stock

Description

Լորան Կալանտոնի եւ Վիվիէն Լիքայիսի «Ծաղկաւոր տետրակ»ը, որ լայն ընդունելութեան արժանացած է Ֆրանսայի մէջ, խորհրդաւոր դէպքեր հետապնդելու ընթացքին, մեզ կը հրաւիրէ գտնելու գլուխկոտրուկի մը պակսեցուած կտորները։

Ջութակ մը, չամբողջացած համադրութիւն մը եւ Անատոլուէն Փարիզ երկարող արկածախնդրութիւն մը… Աշխարհահռչակ թուրք ջութակահարի մը Ֆրանսայի համերգը առիթ կ՚ըլլայ հետաքրքրաշարժ ծանօթութեան մը։ Ջութակահարը հիւանդանոցի մը մէջ կ՚այցելէ հայ ծերունիի մը եւ անոր հետ խոր նախապաշարումներով սկսած զրոյցը կը կապուի հարիւր տարի առաջ պատահածներուն՝ ապահովելով որ գտնուին ընտանեկան պատմութեան պակսող հատուածները։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս այդքան ալ անծանօթներ չեն իրարու, ինչքան որ կը կարծեն ըլլալ։

«Ծաղկաւոր տետրակ»ը կը պատկերացնէ մեր ապրած տարածաշրջանի դառն ու ցնցիչ ժամանակահատուածներէն մէկը եւ ցոյց կու տայ, որ ամենախաւար պայմաններու տակ իսկ յոյսը պէտք է ապրի։ Ոգեւորիչ գծագէպ մը, որ պահ մը իսկ չի կորսնցներ իր կշռոյթը եւ ընթերցողը կ՚առնէ իր մէջ…

Author: Լորան Կալանտոն Editor: Արաս
12+ Պատանեկան գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 100
ISBN: 9786257460170

Additional information

Weight 0,5 kg
Dimensions 23,5 × 31 cm