Ժողովուրդի մը հոգեվարքը

8,00  TTC

Յառաջաբան՝ Մարկ Նշանեան, խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան:

1 in stock

Description

Զապէլ Եսայեան 24 ապրիլ 1915-ի վաղորդայնին շրջան մը ընդյատակ քաշուելէ ետք կ՚անցնի Պուլկարիա։ 1917-ին ան Կովկաս էր արդէն, ուր կը հանդիպի որպէս գերմանացի սպայի մը թարգման Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած եւ Պաքու ապաստանած Հայկ Թորոյեանին։ Ան Եսայեանին կը պատմէ Փոքր Ասիայէն ու հայաշատ գաւառներէն Միջագետք աքսորուած հայերու վիճակը։ Մեծ Եղեռնի այս առաջին վկայագրութիւնը լոյս կը տեսնէ «Գործ» հանդէսին մէջ։
«Ժողովուրդի մը հոգեվարքը» սահմռկեցուցիչ տեսարաններ կը պարզէ ընթերցողներու աչքին առջեւ, կը ներկայացնէ հոգեվարքը ամբողջ ժողովուրդի մը, որ իր իսկ հայրենիքի տարածքին ու Սուրիոյ անապատներուն վրայ կը զոհուէր տասնեակ հազարներով։ Եսայեան խուսափած է հայ ժողովուրդի օրհասական այս տառապանքը գրականութեան նիւթի վերածելէ՝ անոր մօտենալով ամենայն պարզութեամբ ու ակնածանքով։
Ընթերցողը հոն պիտի գտնէ քաղաքակիրթ ազգի մը վերջին օրերու անպատմելի պատմութիւնը։ Որպէս յաւելուած հրատարակուած է «Գրագէտի մը յիշատակները», ուր Եսայեան կը պատմէ Ապրիլ 24-ի շրջանին Պոլիս գտնուող մտաւորականի մը (ի՛ր) ձերբակալուելու վախը, հոս ու հոն թաքնուիլը եւ վերջապէս փախուստը։
Գիրքը օժտուած է յառաջաբանով, զոր գրի առած է սփիւռքահայ անուանի մտաւորական Մարկ Նշանեան։

Author: Զապէլ Եսայեան Editor: Արաս
16+ Գրական գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 356
ISBN:
9786257460101
ՊըբլիսհէդԹ Is;anpowl. 2022

Additional information

Weight 244 kg
Dimensions 13 × 19,5 cm