Թենթենի արկածները – Արեւի տաճարը

20,00  TTC

5 in stock

Description

«Աշխարհի մէջ ես ունիմ միայն մէկ մրցակից, այդ Թէնթէնն է…», ըսած է զօրավար տը Կոլը ժամանակին, նկատի ունենալով Թէնթէնի վայելած համաշխարհային համբաւը:
Թէնթէնի արկածախնդրութիւններու շարքը ստեղծուած է 1929-ին պելճիգացի հանճարեղ հեղինակ՝ Ռեմի Ժորժի (197-1983), իր մակդիրով՝ Էրժի (R.G.) կողմէ, եւ այդ ժամանակէն ի վեր չէ կորսնցուցած իր հմայքը:
Աշխարհի 75 լեզուներու թարգմանուած է, հրատարակուած՝ 150 միլիոն ընդհանուր տպաքանակով, Թէնթէնի ալպոմները սերունդէ սերունդ փոխանցուած են, հետաքրքրելով տարբեր տարիքի ընթերցողները:
Մեծ յաջողութիւնը որ վայելած է Թէնթէնի արկածախնդրութիւնները, հետեւանքն է ոչ միայն անոնց գեղեցիկ գծագրութեան եւ վարպետութեան, հերոսներուն հիանալի տիպարներուն, այլ նաեւ այն զուարթախոհ եւ հնարամիտ միջադէպերուն, որոնցմով յագեցած են բնագրերը:

Author: Հերկէ Editor: SIGEST
12+ Մանկապատանեկան գիրք
Language: Արեւելահայերէն դասական ուղղագրութեամբ Nb pages: 62
ISBN: 9782952600422
Publishing year: 2007

Additional information

Weight 420 kg
Dimensions 22 × 30 cm