Գորալին

10,00  TTC

Թարգմանիչ՝ Քրիստիան Բատիկեան, Հովանաւոր՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն, «Զարդիս» մանկապատանեկան թարգմանական մատենաղար – թիւ 9:

10 in stock

Description

Գորալինին նոր տունին մէջ տարօրինակ բան մը կայ: Հարցը մշուշոտ ըլլալը չէ՛, ո՛չ ալ զինքը անդադար ուշի ուշով դիտող կատուն, ո՛չ իսկ իր նոր դրացիներուն՝ օրիորդ Սփինքին եւ օրիորդ Հորսիպլին կողմէ թէյի տերեւներուն մէջ կարդացած վտանգի ազդանշանները: Չէ՛, հարցը միւս տունն է, այն մէկը որ հիւրանոցին մէջի այդ հին դրան ետեւն է: Այդտեղ ուրիշ մայր եւ ուրիշ հայր մը, կոճականման սեւ աչքերով եւ մագաղաթեայ մորթով, կը սպասեն որ Գորալինը միանայ իրենց: Կ’ուզեն որ հետերնին ապրի… ընդմիշտ: Գորալինը գիտէ, եթէ երբեք համարձակի այդ դուռէն սպրդիլ ու միւս կողմը անցնիլ, կրնայ պատահիլ որ չկարենայ երբեք վերադառնալ:

Author: Նիլ Կէյմըն Editor: ՆՅ
12+ Մանկապատանեկան գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 214
ISBN: 9781949618044 ISSN: 2681-210X

Additional information

Weight 219 kg
Dimensions 13 × 20 cm