Description
Սուտօքուն, որ տարիներէ ի վեր կը ցնցէ աշխարհը եւ մեծահասակներու սիրելի զբաղումն է, 4-7 տարու մանուկներու համար պատրաստուած է հայերէնով։ «Գոյնզգոյն սուտօքու» ո՛չ միայն կը զուարճացնէ, այլ նաեւ կը փափաքի մանուկներու մօտ հետաքրքրութիւն մը յառաջացնել մտախաղերու հանդէպ։
«Գոյնզգոյն սուտօքու»ն մանուկներուն կը ծանօթացնէ տառերը, թուանշանները ու երկրաչափական մարմինները, կը զօրացնէ ճիշդ որոշումներ ընդունելու կարողութիւնը, կ՚օժանդակէ որպէսզի կարենան կեդրոնանալ որոշ նիւթի մը վրայ։ «Գոյնզգոյն սուտօքու»ին հանելուկները շատ աւելի զուարճալի է լուծել կպչուն պիտակներու շնորհիւ։
«Գոյնզգոյն սուտօքու»ն մտախաղի գիրք մըն է, զոր պիտի չկրնան իրենց ձեռքէն ձգել այն մանուկները, որոնց մայրենին հայերէնն է կամ հայերէն կը սորվին։
Author: Editor: Արաս
«4-8»
Language: Nb pages: 16
ISBN: 9786052100035 ISSN: