Գոյներ հետքեր

10,00  TTC

Խմբագիր՝ Ե. Փայլինէ Թովմասեան:

1 in stock

Description

Իսթանպուլահայ արդի քերթողութեան լաւագոյն աւանդութիւններուն շարունակողն է բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան, որ ընթերցասէրներուն կը մատուցէ իր նոր՝ հինգերորդ ժողովածոն։
Հատորը կողքի մը տակ կը խմբէ վերջին տարիներուն «Նոր Մարմարա» օրաթերթի գրական էջերուն վրայ հրատարակուած քերթուածները, ինչպէս նաեւ «Դարէ դար Աղթամար» շարքն ու «Մայրամուտին Թոտորի» գործը։ Տաղանդաւոր բանաստեղծը կեանքի նկատմամբ սնուցած իր մշտավառ յոյսը խանդավառ տողերով կը փոխանցէ ընթերցողին՝ կեանքի կոչելով նաեւ հնօրեայ, բայց միշտ ներկայ քերթողներն ու վայրերը։ Իգնա Սարըասլանի գրիչը ընթերցողը կ՚առաջնորդէ հոգեւոր աննման ուղեւորութեան մը՝ անակնկալ հանդիպումներու խոստումով աննուազ պահելով անոր հետաքրքրութիւնը։

Author: Իգնա Սարըասլան Editor: Արաս
16+ Գրական գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 80
ISBN:
9786257460286
Published: Իսթանպուլ, 2023

Additional information

Weight 188 kg
Dimensions 15 × 21 cm