Գիրք ծննդոց

20,00  TTC

Խմբագիր՝ Մինաս Փիւնիկ (Գոճայեան), 2014:

1 in stock

Description

Սիրան Սեզայի «Գիրք ԾՆնդոց»ը ինքնակենսագրական բնոյթ ունի։ Վէպը կ’ընդգրկէ 1900-ականներէն մինչեւ 1918 երկարող տարիներու դէպքերը եւ անոնց արձագանգները պոլսահայ ու յատկապէս իր ապրած շրջանակի մարդոց կեանքէն ներս։

Հարազատօրէն կը ներկայացուին պարմանուհի եւ ապա վաղ երիտասարդութեան սեմէն ներս մտնող Սիրան Զարիֆեանի (Սեզա) ընկալումները, վերաբերմունքը արեւմտահայութեան մշակոյթի օրրան Պոլսոյ մէջ կատարուող զանազան մշակութային ու քաղաքական անցուդարձերու։

Հեղինակը հարազատօրէն կը ներկայացնէ նաեւ անձնական փորձառութիւնները, սէրերը եւ հանդիպումները հայ մշակոյթի դէմքերուն հետ։ Հեղինակը իր վէպին անցուդարձերը կը ցուցադրէ ընդհանրապէս Պոլսոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան խորքին վրայ։

Author: Սիրան Սեզա Editor: Հեղինակային
16+ Գրական գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 297
ISBN: 978-0-9903483-4-4