Բագին 60

20,00  TTC

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, 2023:

1 in stock

Description

««Բագին»ի վաթսունամեակին նուիրուած այս յոբելենական հատորը չի յաւակնիր ամսագիրի ամբողջական դիմագիծը տալու, ոչ ալ կազմուած է ծաղկաքաղի սկզբունքներու հիմամբ: Ընտրութիւնը կատարած ենք «60 տարի, 60 անուն» բնաբանով, եւ ի մի բերած ենք գրութիւններ, որոնք իրենց արծարծած նիւթերով, հարցադրումներով, մտահոգութիւններով եւ լեզուամտածողութեամբ կը ներկայացնեն թէ՛ սփիւռքեան ինքնութեան զանազան երեսները եւ թէ՛ անոր զարգացումը: Այս զտումի աշխատանքը հետաքրքրական էր այն իմաստով, որ վաթսուն տարի մէկտեղուած գրականութեան հաշուեկշիռը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ սփիւռքի շարժունակութիւնը եւ բազմալեզու կացութիւնը ժամանակի եւ վայրի փոփոխութեան հետ կը շրջէ նաեւ հայկական ինքնութեան սահմանագծերը, այդ ինքնութիւնը արտայայտող գրականութիւնն ալ լոզունգէն եւ գաղափարախօսութենէն արձակելով եւ տեղադրելով զայն մտածումի շրջարկի մը մէջ: Նոյնն է նաեւ լեզուի պարագան: Հաւանաբար այս պատճառով է, որ միտք եւ լեզու հայելացումի դեր կը կատարեն եւ զիրար կը ցոլացնեն» «Բագին»ի խմբ.»:

Author: Խմբային Editor: Բաագին
16+ Գրական գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 418
ISBN:

Additional information

Weight 962 kg
Dimensions 21 × 24 cm