Աստղերու հաւատքով

10,00  TTC

Հրատարակուած 2023-ին:

2 in stock

Description

«Աստղերու հաւատքով» գիրքը, Գալիֆորնիոյ հասարակական-քաղաքական կենաքի մէջ կարեւոր հեղինակութիւն ունեցող գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի (Ալեքս Յովսէփեան) բանաստեղծութիւուններու առաջին գիրքն է: Հեղինակը գեղարուեստական լեզուով ցոյց կու տայ աշխարհի, մարդոց, բնութեան հետ իր կապը: Ան, բանաստեղծութիւն գրելը եւ ընդհանրապէս՝ ստեղծագործելը, այսօրուան դաժան ու նիւթականացած աշխարհի կարգերուն դէմ պայքարի միջոցներէն կը համարէ: Հիւթեղ բառապաշարով գրուած գիրքին մէջ կը զգանք արեւմտահայ բանաստեղծութեան ոգին, որ այսօր նոր շունչ կը ստանայ արեւմտահայերէնով ստեղծագործողներու շնորհիւ: Վիգէն Յովսէփեանը, ստեղծելով այս գողտրիկ գրականութիւնը, ոչ միայն իր ներաշխարհը կը բացայայտէ, այլեւ՝ ընթերցողին կը փոխանցէ արեւմտահայերէնը պահելու, փայփայելու եվ խօսելու հրամայականը: Ընթերցողը անոր մէջ կը գտնէ սիրոյ, կարօտի, բաժանման, հիասթափութեան եվ ի վերջոյ՝ անկեղծ ապրելու եւ նուիրուելու վեհ եւ մարդկային զգաումներ:

Authot: Վիգէն Յովսէփեան Editor: Հեղինակային
16+ Գրական գիրք
Language: արեւմտահայերէն Nb pages: 88
ISBN: 978-9939-0-4611-2

Additional information

Weight 170 kg
Dimensions 15,5 × 23 cm