Օրուան մտածումներ

15,00  TTC

Խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան:

3 in stock

Description

«Որպէս հրապարակագիր, որ պարտի անդրադառնալ օրուան քաղաքական եւ ընկերային հարցերուն, 1908-էն սկսեալ գրած իր յօդուածներուն մէջ, Քասիմ բնականաբար տեղ կու տայ՝ վերահռչակեալ Օսմանեան սահմանադրութեան, կայսրութեան հայ ազգաբնակչութեան ունեցած ակնկալութիւններուն, իշխանութեանց անհաւատարմութեանն ու անոնց կողմէ կատարուած խախտումներուն, եւ հայ մտաւորականին վրայ յառաջացուցած յուսախաբութեան։ Նոյեմբերէն Դեկտեմբեր երկարող առաջին քանի մը յօդուածներու մէջ զգալի է այն յոյսն ու խանդավառութիւնը, զորս կ՚ապրի Քասիմ՝ ի տես սահմանադրութեան եւ անոր բերած ազատութեան խոստումներուն եւ օրէնսդրական լծակներուն։ «Թէ ի՞նչ շահեցանք ազատութենէն» եւ «Ազատ ապրելու արուեստը» յատկապէս ցնծութեան մթնոլորտի մը մէջ գրուած են կարծես։ Յօդուածաշարքին հետեւողը սակայն շուտով կը նշմարէ, թէ Քասիմ արդէն ամիս մը անց՝ 15-26 Դեկտեմբերին հրատարակած «Անձրեւէն փախանք, կարկուտի բռնուեցանք» յօդուածով կը նախազգայ, թէ իր եւ այլ հայոց ապրած ցնծութիւնը հիասթափութեան կրնայ վերածուիլ ոչ հեռու ապագային՝ տրուած ըլլալով, որ նորաստեղծ խորհրդարանին մէջ «ժողովրդավարօրէն» ընտրուած են նախկին բռնապետութեան ամենէն ցայտուն ներկայացուցիչները, յատկապէս հայկական գաւառներուն մէջ։ Յաջորդող յօդուածներէն շատերը կը վկայեն այդ նախազգացումի իրականացման մասին, յատկապէս Ատանայի ջարդին ի տես («Համիտին հայաջինջ ծրագիրը ո՞վ կը շարունակէ», «Որո՞ւ հաշուոյն է, որ կը ջարդուի հայը» եւ այլն)։ Քասիմի յօդուածները բնականաբար չեն սահմանափակուիր Օսմանեան իշխանութիւններ-հայ ազգաբնակչութիւն յարաբերութեան ծիրին մէջ. հատորի ընթերցողները պիտի հանդիպին նաեւ բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք խորհրդածութիւններ են զուտ ներքին, ներազգային հարցերու վերաբերեալ («Քորեպիսկոպոս եւ «աչըքտան» եպիսկոպոս», «Ընդհանուր հայոց հայրապետութեան շուրջ», «Նախ պատրիարքութիւնը ապահովենք, ետքը պատրիարքցու փնտռենք», «Արժանաւոր գլուխ մը ընտրենք ազգին», «Հայ ազգը քաղաքական ո՞ր կուսակցութեան կը պատկանի», «Կովկասահայն ու թուրքահայը», եւ այլն)» Հրակ Փափազեան, «Բագին»։

Author: Միսաք Գօչունեան Editor: Ժամանակ 100 մատենաշար – թիւ 1

16 Գրական Գիրք

Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 572

ISBN: ISSN:

Additional information

Weight ,2 kg