Description
Գիրքը կ՚ամփոփէ վաստակաշատ ուսուցիչ՝Վահան Աճէմեանի յուշերը։ Աճէմեան 1922-ին ծնած է Պոլիս, որպէս զաւակը սեբաստացի համանուն ընտանիքի։ Իր ուսումը Ներսէսեան-Երմոնեան, Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ ստանալէ ետք, աւարտած է Ստանպուլի համալսարանի բնագիտութեան-տարրաբանութեան բաժանմունքը։ 1956-էն սկսեալ որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է ստանպուլահայ վարժարաններէն ներս, անմոռանալի դառնալով յատկապէս Ս. Խաչ Դպրեվանքի տարեգրութեան մէջ, որ իրեն համար վերածուած էր օճախի մը, ինչպէս կը նշուի այս հատորին մէջ։ 1980-ին հանգստեան կոչուած եւ միջոց մը ետք ալ Ֆրանսա հաստատուած է։
Վահան Աճէմեանին յուշերը ընթերցողը կ՚առաջնորդեն հետաքրքրական հորիզոններ՝ Պուլկարիայէն աշխարհի չորս ծագերը սփռուած ընտանիքին պատմութենէն մինչեւ վշտախառն յիշատակները։
Աշակերտական եւ ուսուցչական տարիներու զուարթ ու տխուր յուշերուն առընթեր, Աճէմեանին գրիչը բազմաթիւ դիտանկիւններէ կ՚ուրուագծէ հինաւուրց Պոլիսը՝ հայերով, յոյներով, թուրքերով։ Բացի յուշագրութենէ, գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ քառասունչորս լուսանկարներու՝ պատկանող աշակերտական, ուսուցչական եւ հեղինակի կեանքին այլ շրջաններուն։
Author: Վահան Աճէմեան Editor: Արաս
16 Գրական Գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 309
ISBN: 978-6055-7530-2-3 ISSN: