Description
Վերջապէս հայերէնով կը հրատարակուի աշխարհահռչակ, սիրուած արուեստագէտ ԿուաԺինկի կախարդական նկարներով լեցուն, անձայն այս գիրքը՝ «Փոթորիկ»ը, զոր հեղինակը ձօնած է իր կորսուած շան՝ Տու Տուին։ Գիրքը, որ կը պատմէ փողոցային շան մը ու իրեն հետ բարեկամութիւն հաստատել փորձող կնոջ մը փոխադարձ վստահութեան ու սիրոյ վրայ ստեղծուած յարաբերութիւնը, վստահաբար պիտի ջերմացնէ ձեր հոգին։ «Փոթորիկ»ը, որ ցոյց կու տայ ամենափոթորկալից պահերուն իսկ բարեկամութեան ունեցած ուժը, թերեւս անձայն է, սակայն զարմանքով պիտի նկատէք, թէ ինչպէս նկարներու արտայայտչականութեամբ շարժման կ՚անցընէ ձեր զգացումները եւ ցոյց կու տայ, թէ անոնք եւս բառերուն չափ ազդու են։ Իւրաքանչիւր ընթերցումի պահուն պիտի հանդիպիք էջերու մէջ պահուըտած տարբեր իմաստներու, պիտի ծանօթանաք մարդոց ու անասուններու յարաբերութեան վերաբերեալ բոլորովին տարբեր տեսանկիւնի մը՝ զիրար ու իրարու հետ կենակցիլ նախընտրած այս շան ու մարդու միջնորդութեամբ։ «Փոթորիկ»ը նախատեսուած է երեք ու աւելի տարիք ունեցող մանուկներու եւ բոլոր այն չափահասներուն համար, որոնք կրնան կապ հաստատել իրենց մէջ գտնուող մանուկին հետ։ Գիրքը լաւ սկիզբ մըն է անբառ (անձայն) գիրքերու անծանօթ անձերուն համար։
Author: Կուօժինկ Editor: Արաս
«4-8» Մանկապատանեկան Գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 40
ISBN: 978-6050-6881-2-2 ISSN: