Գրականաշունչ պտոյտ՝ այբուբենի տառերուն հետ

10,00  TTC

Հովանաւոր՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերութիւն

1 in stock

Description

Ուղղագրական կանոններ, Բառագիտութիւն, Կէտադրութիւն:
Հատորին յառաջաբանը ստորագրած է լիբանանահայ ծանօթ քերականագէտ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան։ Ան նկատել կու տայ, որ «ներկայ հաւաքածոն առաջին ակնարկով կը թուի ըլլալ ուղղագրական մէկ սեղմ ուղեցոյցը արեւմտահայերէնի ամենայաճախուած ու երբեմն անյաղթահարելի թուող սխալներուն, սակայն հազիւ քանի մը էջ խորացած՝ ընթերցողը կ՛անդրադառնայ, որ ուղղագրական կարեւոր գիտելիք մը իւրացնելու կողքին՝ վերահասու դարձաւ նաեւ գրական, պատմական, մշակութային բազմաթիւ գիտելիքներու, որոնց այլապէս դժուար թէ առիթը ունենար այսպէս ընտրովի ու համատեղ հանդիպելու, եւ ան ամէն քայլին պիտի վարձատրուի գեղեցիկ գիւտով մը ու խելացի առաջարկով մը»: Իսկ հատորին հեղինակը իր նախաբանին մէջ կը բացատրէ, թէ այս գործին ձեռնարկեց, որովհետեւ ուսուցչական իր երկարամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին մի՛շտ ցաւով կ՛անդրադառնար, թէ հայկական երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու շրջանաւարտութեան թեկնածուները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ իրենց մայրենի լեզուն անթերի ուղղագրութեամբ գրելու անկարող եղած էին…։ Ճիշդ այս մեկնակէտէն ճամբայ ելլելով՝ Շառոյեան ձեռնարկած է սոյն աշխատասիրութեան պատրաստութեան։ Ան հմտօրէն սեւեռումի ենթարկած է հայոց այբուբենէն 2‎1 տառեր՝ իրենց յարուցած ուղղագրական բարդութիւններով։ Այս երկու տասնեակ տառերը, զոյգ առ զոյգ վերցուած, այբուբենի այն գիրերն են, որոնք ուղղագրական համակարգին մէջ նմանահնչիւն են. բաղաձայններէն՝ Բ-Փ, Գ-Ք, Դ-Թ, Հ-Յ, Ձ-Ց, Չ-Ջ, Ռ-Ր, Վ-Ւ, իսկ ձայնաւորներէն՝ Ե-Է եւ Ո-Օ, որոնց վրայ իբրեւ 21րդ տառ կ՛աւելնայ «Ը» գիրը, որ շփոթի առարկայ կը դառնայ իր ստուերին՝ «սուղ ըթ»ին սարքած խաղերուն պատճառաւ…։ Ուրեմն, գործին հիմնական նպատակն է կարելի եղած չափով դարմանել մեր ուղղագրական սխալները եւ ուղիներ ցոյց տալ՝ յաղթահարելու համար նմանահնչիւն տառերէն ծնունդ առնող ուղղագրական դժուարութիւնները։

Author: Լեւոն Շառոյեան Editor: Հեղինակային
12+ Լեզուական գիրք
Language: արեւմտահայերէն Nb pages: 156
Date: 2022
Place: Հալէպ

Additional information

Dimensions 23 × 16 cm