Description
«Բարե՛ւ, սիրելի ընթերցող,
Նախ շնորհակալ եմ ընտրութեանդ համար: Ըսեմ որ գիրքը կը բաղկանայ քսանմէկ յօդուածներէ: Բոլոր յօդուածները գրուած են արեւմտահայերէն խօսակցական լեզուով եւ բոլորը կը պատմեն Հալէպի մասին: Ճամբաներ, խանութներ, տեղեր, մարդիկ, ապրանք, երեւոյթներ, դէպքեր, մէկ խօսքով՝ իմ տեսած Հալէպս՝ իննսունական թուականներուն:
Հա՛, ըսեմ որ գիրքին նպատակը այդ բերանացի յիշողութիւնները պահելն է, եւ որպէսզի այս գործը ամբողջանայ, իւրաքանչիւր յօդուածէ վերջ քեզի տրամադրած եմ մէկ էջ եւ վերը պարզապէս քանի մը յուշող բառ, այն յոյսով, որ դուն ալ կը շարունակես տուեալ դէպքին կամ վայրին մասին քու յիշողութիւնդ:
Ազատ զգա՛ պատմածիդ մէջ:
Հաճիս, մի՛ կեդրոնանար լաւ կամ ճիշդ գրելու վրայ, քանի որ նպատակը եւ կեդրոնացումը այս ամէն ինչին, պատմութիւնը ու յուշը փրկելն է: Ըսեմ նաեւ թէ՝ գիրքին վերջաւորութեան յատուկ քարտէզ մը կայ, որ փորձ մըն է նկարագրելու յօդուածներուն մէջ յիշուածները՝ քարտէզի տեսքով: Շատ չերկարեմ…
Հա՛, բան մը մոռցայ, յաջորդ էջին վրայ անունիս քով հաւասար տեղ տրամադրած եմ քու անունիդ, որովհետեւ երկուքս ալ հեղինակն ու պահպանողն ենք մեր քաղաքի յուշերուն» Սաղաթէլ Պասիլ:
Author: Սաղաթէլ Պասիլ Editor: Զանգակ
16+ գարկան գիրք
Language: Արեւմտահայերէն Nb pages: 134
Date: 2024
Place: Երեւան