Օրեր եւ ժամեր

20,00  TTC

5 in stock

Description

ՇՐՋԱՆ ՄԸ ԻՐ ՅՈՅԶԵՐՈՎ ԵՒ ՏԵՆԴԵՐՈՎ

 («Ազդակ» երիտասարդ շաբաթաթերթ) (հատուած առաջին գրութենէն)

… Երկար տեւած էին վիճաբանութիւնները՝ անունի, խմբագրութեան եւ ուղղութեան մասին։ Վիճողներէն մէկն էր ողբացեալ Դեւը (Թադէոս Խաշմանեան) որ Թիֆլիսէն Պոլիս եկած էր իբրեւ թղթակից Կովկասեան թերթերու։ Բնիկ Սեբաստացի եւ աշակերտ Ղալաթիոյ նախակրթարանին, 189596ի ջարդերէն վերջ Կովկաս գացած եւ բոլորովին փոխուած էր։ Համբաւ կը վայելէր իբրեւ կրակոտ հռետոր, մանաւանդ ռուսերէն ատենախօսութեանց համար։
Դեւը իբրեւ անուն կ’առաջարկէր «Կռան», որ քիչ մը խորթ երեւցաւ մեզի։ Ես դէզ մը անուններ շարեցի եւ կարծեմ կանգ առի «Մուրճ»ին վրայ։ «Ազդակ»ը Գեղամին գիւտն էր, – բառ մը զոր չէի սիրած, իմաստն ալ աղէկ չհասկնալով։ Ի վերջոյ համաձայնեցանք։
Եւ արդէն պատրաստ էր ճակատը – Շաբաթաթերթ գրական, հասարակական, քաղաքական։ Համակրողներ՝ Է. Ակնունի, Ա. Ահարոնեան, Ա. Եարճանեան, Ռ. Զարդարեան, Ս. Զաւարեան, Յ. Շահրիկեան, Փիէռ Քիյեառ։ Խմբագիրներ՝ Գ. Բարսեղեան, Տիկին Զապէլ Եսայեան, Վ. Թաթուլ, Շ. Միսաքեան։ 1908 Դեկտ. 16-29։
Ա. տարի, թիւ 1։
Խմբագրութեան համար, երեքս համաձայն էինք արդէն – Գեղամ Բարսեղեան, Վ. Թաթուլ եւ ես։ Զապէլ Եսայեանը առաջարկեցինք իբրեւ ծանօթ գրագիտուհի, թէեւ մեր սերունդին չէր պատկաներ ո՛չ դաւանանքով, ո՛չ ալ խառնուածքով։ «Համակրողներ»ու շքախումբն ալ շարած էինք հետեւողութեամբ եւրոպական թերթերու, գոյն եւ ուժ տալու համար մեր շարժումին։ Չէ՞ որ անծանօթ «պլանպէք»ներ էինք։
Ո՛չ որեւէ վճարում կար, ո՛չ ալ աթոռ։ Այս վերջինը տառապէս։ Իբրեւ խմբագրատուն պիտի ծառայէին «Արծիւ» ժողովրդական գրավաճառանոցը, որ փողոցէն կը բաժնուէր սեմով մը եւ խեղճուկրակ տպարան մը, ուր, ի հարկին, աթոռ մը կը ճարէին գրաշարին քով, ձեռագիր հասցնելու կամ փորձ սրբագրելու համար մարմարին վրայ։

Author: Շաւարշ Միսաքեան Editor: Յառաջ

16 Գրական Գիրք

Language: Արեւմտահայերէն Nb pages:

ISBN: ISSN:

Additional information

Weight ,2 kg